Ցեղասպանը նո՛յնն է՝ երէկ, այսօր եւ յաւիտեան, ինպէս նաեւ անոր նպատակը։
His Holiness Aram I
@CatholicosAramI
This is the official account of His Holiness Aram I, Catholicos of the Armenian Church,
His Holiness Aram I’s posts
It has been almost a month since the turkish-azerbaijani aggression on the Republic of #Artsakh. Azerbaijan has ignored the repeated calls for a #ceasefire by Russia, France and United States. What an arrogance. What a blatant disrespect regarding the humanitarian ceasefire.
Mr. President , by calling the #ArmenianGenocide by its name, you have reaffirmed the commitment of the United States of #America to justice, human rights, and accountability. I highly appreciate your wise and courageous leadership.
Հրամայական է ձեռնարկել համազգային-համաժողովրդական դիմադրութեան։
Let us #pray together, so that the #NewYear may bring with it heavenly #blessings of grace for our #nation and #homeland.
Let us turn to God. Turning to God is returning to the authentic roots of our humanity.
Հայ եկեղեցւոյ աղօթքներով շաղախուած ու մեր հերոս զաւակներուն արիւնով թրծուած Շուշին մե՛րն է ու մե՛րը պիտի մնայ՝ ի գին ամէն զոհողութեան։
Հայե՜ր միացէ՛ք , միացէ՛ք հայեր,
Արցախն է մեզ կանչում, օգնութեան հասէք,
Դեռ ճամբայ ունինք, պի՛տ՚ հասնինք Սասուն,
Քաջերի հողը մեզ է սպասում:
According to the international law peoples have the right for self-determination. Therefore the people of #Artsakh have the right for self-determination on their centuries old homeland.
Այս պատերազմով պիտի ճշդուի Հայաստանի ու Արցախի հզօր ապագան:
Իւրաքանչիւր հայ զինուոր է։ Հայրենիքին ազատութեան ու անկախութեան համար կռուիլը սոսկ պարտաւորութիւն չէ, այլ՝ պատիւ ու հպարտութիւն է։ Փա՜ռք ու պատիւ հայոց քաջ բանակին։
Մեծապէս ողջունելի է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի իմաստուն ու քաջ քայլը՝ 1915-ին Օսմանեան թուրք պետութեան կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութիւնը անուանել ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ։
Մենք չենք կրնար այլեւս ուրիշներու շահերուն ենթակայ եւ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն անձնատուր դառնալ:
30 տարիներ շարունակ աշխարհին դիմաց ըսինք եւ այսօ՛ր ալ կ՚ըսենք.- Արցախը մե՛րն է։ Մեր ինքնորոշման իրաւունքը մեր արեան գնով հաստատեցինք։ Մեր հայեացքները, մտածումներն ու աշխատանքները պէտք է ուղղենք դէպի Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչում:
Սիրելի հայորդի, թող քու բռնաբարուած իրաւունքներդ վերականգնելու եւ արդարութեան տիրանալու հաւատքդ երբեք ընկրկում չունենայ, յոյսդ՝ տկարացում, պայքարդ՝ նահանջ։ Հաւատա՛ արդարութեան յաղթանակին։ Միասնական ոգիով ու վճռակամ կեցուածքով արդարութի՛ւն պահանջէ ու հաւատա՛ որ Աստուած քեզի հետ է։
I am with the #legitimate #demands of #youth. They want #justice; they are against #corruption; they are against the #governance that does not respond to the #needs and #expectations of the #people.
The #Armenian #community of #Lebanon is committed to embark on a #recovery process inspite of enormous odds.
By the converting #HagiaSophia into #mosque, Turkey continues to #destroy valuable historical monuments and flout #international norms and undermines #Christian-#Muslim #dialogue.
Սիրելի հայորդիներ,
իրարու դէմ խօսիլը քաջութիւն չէ.
իրարու հետ խօսի՛լը քաջութիւն է ու նաեւ՝ իմաստութիւն։
(23 Ապրիլ 2023)
Christian faith has become an integral and inseparable part of the Armenian people’s life. Empowered by faith, our people was able to surmount the upheavals of history and face the challenges and crises of all times.
Ո՜վ Տէր, եղիր պահապան մեր զինուորներուն։ Երկնային հովանիին ներքեւ չարէ ու չարիքէ հեռու պահէ Հայաստանն ու Արցախը։ Բժշկութիւն շնորհէ վիրաւորներուն եւ լուսաւորէ հոգիները մեր նահատակներուն։
Կ՚աղօթեմ արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին իրենց արիւնը թափած մեր նահատակ հայորդիներուն համար։ Թող Աստուած անոնց հոգին լուսաւորէ, իրենց ընտանիքները մխիթարէ եւ մեր Հայրենիքը պահէ ու պահպանէ ամէն տեսակ չարէ ու չարիքէ։
Խոր մտահոգութեամբ եւ ցաւով ականատես եղայ Երեւանի «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումին։ Կը ցաւակցիմ Հայաստանի մեր ժողովուրդի զաւակներուն։
I join the people of #SouthAfrica in mourning the death of Archbishop Desmond Tutu and in celebrating his dedicated life for #liberation, #justice, and #reconciliation.
Ինչ ալ ըլլան մեզ իրարմէ հեռացնող պատճառները եւ մեզ շրջապատող վտանգները, հարկ է համախմբուիլ մեր գերագոյն ու ընդհանրական իտէալներուն, շահերուն ու արժէքներուն շուրջ։
Այսօր, Արցախի նուիրական հողէն որքա՜ն իրաւացօրէն կը հնչէ ու պէ՛տք է հնչէ Արցախի երգը.- «Հայե՛ր, միացէ՛ք, միացէ՛ք հայե՛ր, Արցախն է ձեզ կանչում օգնութեան հասէ՛ք»։ Միայն չերգենք այս երգը, այլեւ ապրի՛նք՝ իր ոգիով, պատգամով ու յանձնառութեամբ։
Հայրենիքին համար ապրիլն ու պայքարիլը հերոսութիւն է, իսկ մեռնիլը՝ անմահութիւն։
Թոյլ պէտք չէ տանք, որ արիւնով ազատագրուած ու պաշտպանուած Արցախը բանակցութեան սեղանին զոհը դառնայ։
Մտահոգիչ են վերջին օրերուն Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող զարգացումները, յատկապէս Հայաստան-Թուրքիա բանակցութեան, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքի արգիլման գծով։
Վիրաւոր է Արցախը, վատառողջ է Հայաստանը ու տխուր՝ մեր ազգը: Լսենք Քրիստոսի խօսքը.- «մի՛ վախնաք, միայն հաւատացէք» (Մր 5.36):
Հաւատքի զօրութեամբ կրնանք յաղթել չարը, դարմանել մեր վէրքերը, վերաշինել քանդուածը եւ քալել դէպի յարութիւն ու կեանք:
Հայրենիքը մեր ազգին յաւերժական տունն է։ Ներկայ ժամանակներու երեւելի թէ աներեւոյթ փոթորիկներուն դիմաց, մենք կոչուած ենք ամուր պահել զայն՝ մեր ամբողջական հաւատարմութեամբ եւ անխախտ միասնականութեամբ։
Ժողովուրդի մը ինքնորոշման իրաւունքը միջազգային օրէնքի անբաժան մասը կը կազմէ։ Հետեւաբար, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը սակարկութեան նիւթ չի կրնար դառնալ:
The whole people of #Lebanon demands #accountability and #justice for the crime of 4th August 2020 at the Beirut #port.
#beirutblast #BeirutExplosion #انفجار_مرفأ_بيروت #beirut #HolySeeOfCilicia
Ճգնաժամի մէջ է մեր ազգը։ Անորոշ է Արցախի ինքնանկախ գոյութիւնը։ Վտանգուած է Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը ու նոյնիսկ անկախութիւնը։ Լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի մեր պահանջատիրութիւնը:
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց.
Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի։
~ ~ ~ ~ ~
Christ has risen among the dead.
Blessed is the Resurrection of Christ.
Աստուած մեզի հետ եղաւ մեր փոթորկալից պատմութեան ընթացքին։ Հակառակ մեզ շրջապատող ահաւոր տագնապներուն, մնացինք պատմութեան մայր էջին վրայ ու հայրենիք կերտեցինք եւ մեզմէ խլուած Արցախը վերստին մերը դարձուցինք։
Արամ Ա. Կաթողիկոս
The christian is challenged to struggle for a world in which love triumphs over hate, good over evil, value over interest, truth over falsehood, justice over injustice. Indeed, being christian is costly discipleship.
Today, the Armenian Church celebrated the feast of Saint Vartan and his Companions, who in 451 shed their blood to preserve their Armenian-Christian identity. Indeed, identity is a source of survival and strength in the globalized world that destroys all sorts of identity.
For a christian, it is not enough merely to know about his faith; he is called to place it at the center of his life by making it the driving force and overriding and guiding principle of his reflection and action.
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն տարի մը յետոյ արդարութիւնը կը շարունակէ մնալ անտեսուած։
Խաչի ճամբան սիրոյ ու զոհողութեան ճամբան է ու միաժամանակ յաղթանակի։ Քրիստոսի հետեւիլ կը նշանակէ քալել խաչի ճամբէն: Խաչի ճամբով մենք ազգ դարձանք, հայրենիք կերտեցինք ու պահեցինք եւ մնացինք ամո՛ւր պատմութեան փոթորիկներուն դիմաց։
Կը գտնուինք մեր պատմութեան մէկ ճակատագրական խաչմերուկին: Զինուորական գետնի վրայ յաղթանակ տանիլը առանցքն է, իսկ միջազգային կարծիքին հայանպաստ դիրքորոշումը մղիչ ոյժն է մեր յաջողութեան:
Զգո՜յշ... մեր ազգն ու հայրենիքը ներքին բեւեռացումներու եւ անորոշութեան վտանգալից ալիքներու մէջ կը տատանի։ Չթողունք, որ հայրենիքին նաւը ընկղմի. ըլլանք իրատես ու հեռատես. ըլլանք խոհեմ եւ միակամ։ Հաւաքական պատասխանատուութեան դիմաց կը գտնուինք։
Բացուող #նորտարուան սեմին, եկէք, աղօթենք միասին, որ #Աստուծոյ օրհնութեամբ բացուող նոր տարին մեր #ազգին ու #հայրենիքին համար դառնայ երկնային բարիքներով լեցուն օրհնաբեր տարի մը:
Հարկ է քաջութիւնը ունենալ, եւ #Արցախ’ի ժողովուրդը ունի՛ այդ քաջութիւնը, մերժելու որեւէ առաջարկ, պարտադրանք կամ համաձայնագիր, որ կրնայ սպառնալ Արցախի հայութեան անվտանգութեան եւ հարցականի տակ առնել իր կամքը ազատօրէն արտայայտելու Արցախի ժողովուրդին իրաւունքը:
Մեր եկեղեցին պէտք է ապրինք մեր անհատական կեանքին մէջ, որպէսզի զայն որպէս հաւատքի ու լոյսի աղբիւր ապրեցնենք մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքին մէջ:
Այսօր #հայոցբանակին օրն է, այլ խօսքով՝ մեր ժողովուրդին ու #հայրենիքի պաշտպանութեան ու անվտանգութեան, արժանապատուութեան ու հզօրութեան օրը։
Եկէ՛ք, աղօթենք մեր բանակին համար. եկէ՛ք, զօրավիգ կանգնինք մեր բանակին։
Հայոց բանակին հզօրացումը հայրենիքի՛ն ու մեր ազգի՛ն հզօրացումն է։
Նայեցէ՛ք պատմութեան: Ամէն անգամ երբ պարտուողական ոգի ու մօտեցում ցուցաբերած ենք ուրիշներուն դիմաց, անոնք մեզ աւելի ընկճած են: Նոյնիսկ մեր կեանքի ամէնէն դժուար պահերուն պէտք է ցոյց տանք մարտունակ կեցուածք՝ հաւատքով, կամքով ու միասնականութեամբ հզօրացած:
Հարկ է հեռու մնալ ներքաղաքական վէճերէ եւ զօրակցիլ հայոց բանակին, որպէս երաշխիքը մեր ազգին միասնականութեան եւ հայրենիքին անվտանգութեան պահպանման ու պաշտպանման։
#Սփիւռքը չի կրնար ձեռնածալ մնալ #Հայաստանը դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն ու տագնապներուն դիմաց: Սփիւռքը ըսելիք ու ընելիք ունի: Որպէս անբաժան մասը ազգին, ան կոչուած է պատմութեան դիմաց իր պարտաւորութիւնը կատարելու՝ ճի՛շդ պահուն ու ճի՛շդ կերպով:
Հաւատք ունենալ կը նշանակէ Աստուծոյ ճառագայթող ներկայութիւնը կեանքին մէջ ապրի՛լ եւ ապրեցնե՛լ։
Սիրելի հայորդիներ
Հետեւեցէք ինչ կը կատարուի այսօր Պաքուի մէջ. լսեցէք Էրտողանի և Ալիեւի խօսքերը հայութեան ու Հայաստանի մասին...:
Ըլլանք արթուն, միակամ և խոհեմ՝ հեռու մնալով ներքին առճակատում ու անհանդուրժողութիւն յառաջացնող մօտեցումներէ։ Այս է մեզ դէպի յաղթանակ առաջնորդող ճամբան
Մեզի համար ընդունելի չէ, որ պատահական անձեր հայ համայնքը ներկայացնեն Լիբանանի խորհրդարանէն ներս:
Այսօր, Հոգեգալստեան տօնին կ՚աղօթեմ առ բարձրեալն Աստուած, որ մեր զաւակներուն, ընտանիքներուն, մեր հայրենիքին ու ազգին կեանքը պայծառակերպէ ու հզօրացնէ Ս. Հոգւոյն շնորհներով, պարգեւներով ու բարիքներով։
Այսօր մեր եկեղեցին նշեց Ս. Սարգիս զօրավարին տօնը։ Այս ուրախ առիթով կը շնորհաւորենք սուրբին անունը կրող մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները՝ իրենց եւ իրենց հարազատներուն մաղթելով առողջութեամբ, յաջողութեամբ ու երջանկութեամբ լեցուն երկար կեանք։
#Հայոց #բանակին հզօրութեան աղբիւրը իր #հայրենասիրութիւնն է ու #միասնականութիւնը եւ մեր ժողովուրդին #սէրն ու #զօրակցութիւնը։
Թող #Աստուած օրհնէ մեր #քաջ բանակը։
Ըսած ենք, կ՚ըսենք ու մի՛շտ պիտի ըսենք.- եկեղեցին իր ըսելիքը եւ ընելիքը ունի մեր ազգը յուզող խնդիրներուն ու դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն գծով։ Ազգին հարցերը նաեւ եկեղեցւոյ հարցերն են եւ՝ փոխադարձաբար։ Այս կը յիշեցնէ մեզի մեր դարաւոր պատմութիւնը:
Եկեղեցին միշտ եղած է պաշտպան մարդկային իրաւունքներու: Ան պայքարած է ու պէտք է պայքարի ի խնդիր ժողովուրդներու արդար իրաւունքներու ձեռքբերման: Եւ աւելին, արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութիւնը եղած է հիմնական սկզբունքը եկեղեցւոյ վկայութեան:
Չի բաւեր Աստուածաշունչը միայն կարդալ ու սերտել, ուսումնասիրել ու քարոզել, այլ՝ պէտք է զայն ապրիլ:
Քրիստոնէութիւնը ուսուցումներու ամբողջութիւն մը չէ, այլ կեանքի այնպիսի որակ է, ուր կը ճառագայթեն Աստուածաշունչի արժէքներն ու սկզբունքները, ճշմարտութիւններն ու պատգամները:
Մայիս 28-ն մեզ կը յիշեցնէ, որ #անկախութիւնը ամէն բանէ վե՛ր է: Անկախութիւնը չի՛ տրուիր, այլ՝ կ'առնուի, եւ ի պահանջել հարկին՝ արիւնով: Մենք իրաւունք չունինք մեր ազգին անկախութիւնը սակարկութեան նիւթ դարձնելու:
Ինծի համար արժէք է այն մարդը որ կը ծառայէ: Մարդու արժէչափը իր ծառայութեան մէջն է եւ ո՛չ թէ իր ունեցածին մէջ: Հո՛ս է ծառայութեան իմաստը ու արժէքը՝ մեր ունեցածը մեզի չպահել, զայն բաժնել ուրիշին հետ: Հո՛ս է արժէքը կեանքին: Ջուրը արժէք կը դառնայ երբ հոսի. այլապէս կը ճահճանայ:
Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի տարելիցին տխուր առիթով մեր նայուածքները ու մտածումները կ՚ուղղենք առաջին հերթին նահատակներու ծնողներուն՝ ըսելով.- ձեր զաւակները իրենց արիւնը թափեցին հայրենիքի անվտանգութեան ու անկախութեան համար։
Prayer should not be regarded merely as a religious duty; it is the core of being Christian and it should become a vital and integral part of our daily life:"Be joyful always, pray continually, give thanks in all circumstances, for this is God's will in Christ Jesus"(1Thes 5:16).
Ե՛ս եմ սէրը (Յհ 15.9), ճշմարիտ սէրը աշխարհին։ Ան որ Աստուած կը սիրէ, պէտք է սիրէ նաեւ իր նմանը։ Աղքատին ու հիւանդին օգնելով՝ Աստուած սիրած կ՚ըլլանք։
Հեռու Աստուծմէ մեր կեանքը իր իմաստը ու նպատակը կը կորսնցնէ։ Աստուծոյ պէտք է ընծայենք մեր զաւակներն ու մեր անձերը՝ որպէս Աստուծոյ որդեգիր զաւակներ։ Այս օրերուն մանաւանդ, որքա՜ն կարիքը ունինք Աստուծոյ օրհնաբեր ներկայութեան։
Պահ մը դիտեցէք ձեր շուրջը։ Թուրքիա-Ազրպէյճան գործակցութեամբ, նոր համաթուրանիզմ մը սկսած է ձեւաւորուիլ Կովկասէն, ինչպէս նաեւ արաբական աշխարհէն ներս։ Արդարեւ, վտանգալից երեւոյթ մը, որ կրնայ աննախատեսելի հետեւանքներ ունենալ յատկապէս #Հայաստան'ի ուղղութեամբ։
Այսօր 31-րդ տարելիցն է Հայաստանի երկրաշարժին։ Եկէք մեր աղօթքներուն մէջ յիշենք մեր ազգին զոհերը. «Քրիստոս Որդի Աստուծոյ, գթա քո արարչական սիրովդ ի հոգիս զոհեալ ծառայից եւ աղախնեայց քոց։ Յիշեա յաւուր մեծի գալստեան արքայութեան քո»։
Մեծ պահքը Աստուծոյ հետ ըլլալու հրաւէր է։ Աստուծոյ հետ ըլլալ կը նշանակէ մեր անձին հետ ըլլալ, մեր կեանքը քննութեան ենթարկել եւ ապաշխարութեան ճամբով Աստուծոյ վերանորոգիչ ու բժշկարար ներկայութիւնը ապրիլ։
Ներկայ աշխարհին մէջ որքա՜ն կարիքը ունինք Աստուծոյ հետ ըլլալու։
ԴԷՊԻ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄ՝ ԱՅԼ ԸՆՏՐԱՆՔ ՉԿԱՅ
Սուրբ Սարգիսի տօնին առիթով Հայրապետական Մեր օրհնութիւնը կը փոխանցենք սուրբին անունը կրող բոլոր հայորդիներուն։ Մեր աղօթքն է, որ Աստուած առողջութեան, յաջողութեան ու երջանկութեան երկնային բարիքներով լեցնէ անոնց կեանքը։
Քրիստոսի հետեւիլ կը նշանակէ մերժել խաւարը, հեռու մնալ անոր տարածիչներէն եւ հաւատարիմ ըլլալ ճշմարիտ լոյսին ու անոր վկաներուն: Քրիստոսի հետեւիլ կ՚ենթադրէ խաւարին դէմ պայքարիլ կեանքի այնպիսի որակով, ուր կը ճառագայթեն երկնային լոյսէն աղբերացած հոգեւոր ու բարոյական արժէքները:
(2009)
Մեր պատմութեան բոլոր պատերազմները մենք մղեցինք խաչով ու զէնքով միա՛սնաբար: Մեր պատերազմի հերոսները ու սպարապետները դարձան մեր պատմութեան բոլոր ժամանակներու յայտնի թէ անյայտ Վարդան Մամիկոնեանները եւ Ղեւոնդ Երէցները: Մենք միա’սնաբար մղեցինք մեր պատմութեան բոլոր ճակատամարտները:
Սուրբ Յակոբի տօնին առիթով, հայրական սիրով կը շնորհաւորեմ սուրբին անունը կրող բոլոր հայորդիները՝ մաղթելով երկնային բարիքներով լեցուն Աստուածահաճոյ կեանք։
ԾԱՆՕԹ։ Մեր ձեռքին մէջ գտնուող Ս. Յակոբի մասունքը ի պահ դրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ։
Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն հազիւ տարի մը անցած, ահաւասիկ նոյն թշնամին, աշխարհին դիմաց, արհամարհելով մարդկային իրաւանց հիմնական սկզբունքները եւ ոտնակոխելով միջազգային օրէնքները, իր ոճրային արարքները Հայաստանի նկատմամբ կը շարունակէ։ Յստակ են թշնամիին հետապնդած նպատակները։
Replying to
Equality between man and woman is one of the fundamental principles of Christianity. It is true that men and women are biologically different; however, they should have the same rights, obligations, opportunities and responsibilities.
Կեղծը կարճ ժամանակի ընթացքին կը գունաթափի, կը ժանգոտի. մինչ հարազատը, իրաւը իր փայլքը կը պահէ ժամանակի փոշիին ու ժանգին դիմաց։ Նո՛յնն է նաեւ մարդը։
(Պատգամ, 1998)
Հայ դպրոցը դարձեալ իր դռները կը բանայ հայ աշակերտին առջեւ։ Հայ դպրոցը սոսկ գիտութիւն ջամբող սովորական վարժարան չէ, այլ՝ հայակերտումի հնոց է։ Հայ դպրոցին ճամբով հայ աշակերտը կը բացուի թէ՛ գիտութեան եւ թէ հայութեան։
Նիւթեղէն զէնքով կատարուած յեղափոխութիւնները եւ նուաճուած յաղթանակները կորսուած են պատմութեան փոշիին տակ։ Սակայն, հաւատքի՛ զէնքով իրագործուած յեղափոխութիւնները եւ նուաճուած յաղթանակները մնացած են պատմութեան մէջ եւ՝ պատմութիւն կերտած ու ժողովուրդ անմահացուցած։
